2017-03-18 10:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը` ապաշխարութեան խորհուրդի ծիսակատարութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 18 Մարտ 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նախ Կարդինալ Մարք Ուելլէն` Եպիսկոպոսներուն Ժողովի կառավարիչը, ապա Փերուճայի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթի, հուսկ Փանամայի մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Անտրէս Քարրասքոզա Քոզօ, ապա Ուկնատայի մօտ առաքելական նուիրակ Գերապայծառ Միքայել Պլում։ Ժամը 12,30-ին, Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Տիկին Մարթա Սանթոս Փայիսին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի` Մանուկներու դէմ բռնութեան հարցի յատուկ ներկայացուցիչ։

Իսկ երեկ` ուրբաթ 17 Մարտի յետմիջօրէին, Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց ապաշխարութեան խորհուրդի արարողութիւնը եւ այս առընչութեամբ Սուրբ Աթոռի գրասենեակի կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ծիսակատարութեան ընթացքին 50 վայրկեան  տեւողութեամբ ապաշխարութեան խորհուրդը մատակարարեց 7 աշխարհականներու` երեք այր մարդիկ ու չորս կիներ։

Ապաշխարութեան խորհուրդը գլխաւոր ուղին է որ մեզ կ՛առաջնորդէ հաշտուելու ամենողորմ Աստուծոյ ու մեր մերձաւորին հետ։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած վերոնշեալ ծիսակատարութեան առանցքը։ ''Վստահելով մեր Հօր` ողորմած Աստուծոյ, գիտակցինք ու խոստովանինք մեր մեղքերը։ Մեր աղօթքը բարձրացնենք Քրիստոսին` Բարի Հովիւին, որ կ՛երթայ փնտռելու կսորուած ոչխարը ու զայն ուրախութեամբ դէպի փարախ կ՛առաջնորդէ։

Մենք ամէնքս կորուած ոչխարներ ենք երբ կը հեռանանք Տիրոջմէ, սակայն կարելի է Անոր դառնալ երբ, ապաշխարութեան խորհուրդի միջոցաւ, կը համտեսենք Անոր ողորմութեան քնքշութիւնն ու Անոր ներումը։

Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած ապաշխարութեան խորհուրդը սկիզբ առաւ Սուրբ Գրային ընթերցումներով որուն յաջորդեց սաղմոսասացութիւնը, ապա հաւաքական խղճի քննութիւն ու խոստովանանք։ Ֆրանչիսկոս Պապ եղաւ առաջինը որ ծունկի եկաւ խոստովարանի դիմաց ներում հայցելու իր մեղքերուն համար։

Ապաշխարութեան խորհուրդի մասին դասընթացքին մասնակցող քահանաներուն, ուրբաթ առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը յայտնած էր թէ Խոստովանանքի խորհուրդը հովուական առաջնահերթութիւն է ու թէ անիկայ  սահմանափակ ժամկէտ չի կրնար ունենալ։ Խոստովանարանը վայրն է աւետարանութեան ու վայր Աստուծոյ ողորմութեան հետ հանդիպումին, ըսած էր Նորին Սրբութիւնը այս առընչութեամբ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.